2013-10-15 09:38:55

Պետական Նոր Քարտուղար` Իտալացի Գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինը կը ստանձնէ իր նոր պաշտօնը ։


Անցեալ 31 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ նշանակուած Վատիկանի Պետական նոր Քարտուղարը` գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինը, 15 հոկտեմբերին ստանձնեց իր նոր պաշտօնը, յաջորդելով Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէին, որ 15 հոկտեմբեր 2013-ին աւարտեց` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով, 2006-էն ի վեր, ստանձնած Պետքարտուղարի պաշտօնը ։

Գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինը Վատիկանի դիւանագիտական մարմնի անդամ է։ 2009-էն ի վեր կը վարէր Գարագասի մօտ Պապական նուիրակի պաշտօնը։ Աշխոյժ եւ յարգուած դիւանագէտ` 58 ամեայ նորանշանակ Պետքարտուղարը տարիներ ամբողջ պաշտօնավարած է նաեւ Վատիկանի դիւանագիտական մարզէն ներս եւ եօթը տարիներ ամբողջ եղած է Վատիկանի արտգործ փոխ նախարար։

Գերապայծառ Փարոլինը ծնած է 17 յունուար 1955-ին, Իտալիոյ Վէնէդօ շրջանի Սքիավոն կոչուած գիւղը։ 1969-ին կը մտնէ փոքր նորընծայարան։ 1980-ին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ 1983-ին կը յաճախէ Եկեղեցական դիւանագիտութեան Քահանայապետական մասնաճիւղը ու ապա 1986-ին կը սկսի Սուրբ Աթոռի մօտ իր դիւանագիտական գործունէութիւնը։ Կը պաշտօնավարէ Նիճէրիայ (1986-1989) Մէքսիքօ (1989 - 1992) ու ապա կը նշանակուի Վատիկանի արտգործ փոխ նախարար։ 2009-ի օգոստոսին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը զինք Վէնէզուելլայի մօտ Պապական Նուիրակ կը նշանակէ եւ նոյն տարուայ սեպտեմբերին զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.